Ազրպէյճանցիները Հադրութի Մէջ Հանած են Սպիտակ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթին Խաչը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախ Հանրապետութեան գրաւեալ տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն կը շարունակէ մշակութային արժէքներու եւ հայկական հետքերու ոչնչացման քաղաքականութիւնը: Այս մասին կը գրէ war.karabakhrecords.info կայքը։ 

2020-ի վերջէն Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանի իրականցուցած մշակութային ցեղասպանութեան օրինակներուն աւելցած է նաեւ Հադրութի շրջանի Վանք գիւղի Սպիտակ Խաչ եկեղեցին:

Հասարակական ցանցերու ազրպէյճանական տիրոյթին մէջ տարածուած տեսանիւթէն պարզ կը դառնայ, որ ազրպէյճանցիները հանած են եկեղեցւոյ խաչը: Ազրպէյճանական կողմը վերանորոգման քողի տակ՝ բացի խաչէն՝ քանդած է նաեւ եկեղեցւոյ տանիքը՝ այդ կերպով փորձելով ամբողջապէս վերացնել հայկական մշակութային հետքը եւ հերթական հայկական եկեղեցին ներկայացնել իբրեւ «ուտիական»:

Նշուածին ապացոյցն է նաեւ այն, որ 2021 Նոյեմբերի սկիզբը Ազրպէյճանը կազմակերպած էր իր ուտիական համայնքի հոգեւոր ներկայացուցիչներու այց տուեալ եկեղեցի։ Այցին ընթացքին եկեղեցին ներկայացուծ էր իբրեւ «աղուանա-ուտիական մշակութային յուշարձան», որ որեւէ աղերս չունի իրականութեան հետ։