Քրիստինէ Գրիգորեան Ընտրուեցաւ ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան ընտրուեցաւ Քրիստինէ Գրիգորեան։ Անոր օգտին քուարկեց 68 պատգամաւոր, իսկ դէմ՝ ոչ ոք։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Նշենք, որ Գրիգորեանը յառաջադրուած էր ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ։

Արման Թաթոյեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին վրայ է 2016թ.-էն ի վեր։ ՄԻՊ-ը կ՝ընտրուի ԱԺ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն 3/5-ով՝ 6 տարի ժամկէտով։ Թաթոյեանի ժամկէտը կ՝աւարտի Փետրուած 23-ին։