Մենք Պիտի Շարունակենք Պահանջատէր Ըլլալ Հայերու Հանդէպ Տեղի Ունեցած Ոճրագործութիւններու Դատապարտման Հարցով. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը Պաքուի մէջ հայերու ջարդերու 32-րդ տարելիցին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի.

«32 տարի առաջ` 1990 թուականի Յունուար 13-19, Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ակնյայտ թողտւութեամբ եւ աջակցութեամբ իրագործուած է հայ բնակչութեան համակարգուած եւ զանգուածային կոտորած: Մէկ շաբաթ տեւած վայրագութիւններուն ընթացքին սպիաննուած են հարիւրաւոր հայեր, ունեզրկուած եւ խոշտանգման ենթարկուած են հարիւր հազարաւոր հայեր:

«Պաքուի եւ այլ քաղաքներու հայկական բնակչութիւնը ֆիզիքական գոյութեան ուղիղ սպառնալիքի տակ տեղահանուած եւ որպէս փախստական ապաստան գտած Արցախի, Հայաստանի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ` այդպէս ալ միջազգային կարգավիճակ ու աջակցութիւն չստանալով: Այդ տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը տարիներու ընթացքին ենթարկուած է վանտալութեան, պղծման, իսկ անոնց պատմական արժէքն ու նշանակութիւնը խեղաթիւրուած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ` յարմարեցուելով իրենց քաղաքական նպատակայարմարութիւններուն:

«Հայասպանութեան իրագործումը, խրախուսումն ու հերոսացումը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն եւ ցաւօք արդէն նաեւ ազրպէյճանական հանրութեան կողմէ կը կրէ համակարգային եւ լայնածաւալ բնոյթ եւ ունի յստակ ժամանակագրութիւն․ 1905-ին եւ 1918-ին` Պաքուի մէջ, 1988 թուականի Փետրուարին` Սումգայիթի մէջ, Նոյեմբերին` Գանձակ-Կիրովաբադի մէջ, 1990-ական թուականներուն` դարձեալ Պաքուի, Մարաղայի մէջ իրագործուած ջարդերը,  2004 թուականին Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի հերոսացումը, 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմի, 2020 թուականի ազրպէյճանա-թրքական յարձակման ընթացքին քաղաքացիական անձանց սպանութիւնները եւ հայ զինուորականներու խոշտանգումները հայատեացութեան համակարգային քաղաքականութեան եւ անոր հետեւանքներուն անհերքելի ապացոյցներ են:

«Իշխանութիւններուն կողմէ հասարակութիւնը տարիներ շարունակ թունաւորելու հետեւանքով հայերուն նկատմամբ անհանդուրժողականութիւնը, ատելութիւնն ու հայասպանութիւնը, հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ վանտալութիւնն ու յուշարձաններու պղծումը Ազրպէյճանի մէջ գործնականօրէն դարձած են ոչ միայն պետական, այլեւ ազգային քաղաքականութիւն: Ասիկա փաստ է, որուն դէմ միջոցներ ձեռնարկելու հրատապութիւնը այլեւս ամրագրուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումով:

«Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կեղծ կարգախօսներուն ներքոյ ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը շարունակեն իրականացնել Արցախի հայութեան իրաւունքներու համատարած ու լայնածաւալ խախտումներ` տարբեր մեթոտներով վախի եւ յուսահատութեան մթնոլորտ ձեւաւորելով եւ խաթարելով բնականոն կեանքը Արցախի մէջ, մեկուսացնելով Արցախի ժողովուրդը աշխարհէն:

«Ազրպէյճանի կողմէ հայերուն նկատմամբ իրագործուած յանցագործութիւնները փաստագրող նիւթերը շատ են, միայն թէ անհրաժեշտ է անկողմնակալ ու համարձակ աչք՝ այդ ամէնը տեսնելու եւ անոնց պատշաճ գնահատական տալու համար: Ցաւօք, այդ յանցագործութիւնները միջազգային հանրութեան կողմէ ցայսօր յստակ իրաւական գնահատականի չեն արժանացած, եւ այդ անպատժելիութիւնն է պատճառներէն հիմնականը, որ Ազրպէյճանը ինքն իրեն կ՝արտօնէ կոպտօրէն ոտնահարել միջազգային իրաւունքի չափանիշները, ատելութեամբ խօսելու ողջ ժողովուրդի մը մասին` մտավախութիւն չունենալով անգամ, որ անոր համար կրնայ ենթարկուիլ պատասխանատւութեան:

Առաջնորդուելով մարդու իրաւունքներու համընդհանրութեան կարեւորագոյն սկզբունքով եւ հետամուտ ըլլալով այդ սկզբունքի անվերապահ յարգուելուն եւ արդարութեան վերականգնման` մենք պիտի շարունակենք պահանջատէր ըլլալ հայերու հանդէպ տեղի ունեցած ոճրագործութիւններու դատապարտման ու նոր ոճրագործութիւններու կանխման հարցով»: