Մենք Թոյլ Չենք Տար Փոխել Սահմանները Տարածաշրջանին Մէջ. Խամենէիի Խորհրդական

Աշխարհ, Հայաստան

Կովկասի մէջ հարեւաններու հետ սահմանները կարեւոր են Իրանի անվտանգութեան համար, Թեհրանը չ՝ընդունիր սահմաններու փոփոխութիւնը։ Այս մասին, Keyhan Daily-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական Ալի Աքպար Ուելայաթին, կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։։

Անոր խօսքով, փորձը ցոյց տուած է, որ երբ կը փոխուին երկիրներուն սահմանները, կ՝առաջանայ ճգնաժամ, որուն վերջը անյայտ է։

«Հարաւային Կովկասի մէջ մենք սահմանակից ենք Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին։ Մենք թոյլ չենք տար փոխել սահմանները, որպէսզի այնտեղ բնադրուին ԱՄՆ-ի նման յարձակողական երկիրները»,- ըսած է Ուելայաթին։