
Ազրպէյճան Կը Խախտէ 2020-ի Զինադադարի Պայմանները. Քերոլայն Քոքս
Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ տեղի ունեցած «Գաղթականներ. Զանգուածային Տեղահանումներ» խորագիրով լսումներու ընթացքին անդրադարձած է Արցախի հարցին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Քոքս իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ համառօտ պիտի անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղին, ուր պատմականօրէն հայկական տարածքի 80 առ հարիւրը այժմ բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ:
«2020-ին Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փախած են աւելի քան 91,000 մարդիկ, որոնց 88 առ հարիւրը կիներ եւ երեխաներ էին: Աւելի քան 40 հազար մարդ զրկուած է տուներէ այնպիսի տարածքներու մէջ, ինչպիսիք են Շուշիի եւ Հադրութի շրջանները, որոնք տակաւին կը գտնուին ազրպէյճանական զինեալ ուժերու բռնագրաւման տակ:
«Շրջան այցելելու ցաւալի փորձառութիւնը ունեցած եմ աւելի քան 85 անգամ` 1990-ականներու եւ 2020 թուականի պատերազմներու ընթացքին: Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին այցելեցի Հայաստանի Սիւնիքի մարզ` ականատես ըլլալու համար ազրպէյճանական զինեալ ուժերու Հայաստանի տարածք ներխուժման հետեւանքով յառաջացած տառապանքներուն, ինչ որ յանգեցուց տեղւոյն բնակչութեան տեղահանութեան ինքնին Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Անթիւ գաղթականներ կը նկարագրեն հարազատներու կորուստի ցաւը, իսկ Ազրպէյճանը նախկինին պէս կը խախտէ 2020-ի զինադադարի պայմանները` ձերբակալելով հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայիններն ու վայրագութիւններ կատարելով` երբեմն սարսափելի գործողութիւններ նկարահանելու համար բանտարկեալի հեռաձայնը օգտագործելով, իսկ ետքը լուսանկարները անոնց ընտանիքներուն ուղարկելով:
«Գաղթականները կը նկարագրեն նաեւ ապրուստի միջոցներու, գիւղատնտեսական հողերու, ջրային հարստութիւններու եւ այլ կենսական ենթակառոյցներու կորուստը: Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը բրիտանական կառավարութենէն ոչ մէկ աջակցութիւն ստացած են: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը անցեալ տարուան մայիսին աներկբայօրէն յայտնեց, որ Ազրպէյճան, հակառակ միջազգային ընտանիքի եւ մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի կոչերուն, օգնութեան անխոչընդոտ մուտքը կ՛արգելակէ եւ այդ կացութիւնը կը մնայ նոյնը»,- ըսած է Քոքս:
Եզրափակելով խօսքը` պարոնուհի Քոքս հարցուցած է` կրնա՞յ կառավարութիւնը հաստատել, որ Բրիտանիան պիտի չանտեսէ օգնութեան այս ճիչը եւ պիտի ապահովէ պատերազմի պատճառով տեղահանուած հազարաւոր հայերուն մարդասիրական հրատապ օգնութեան տրամադրումը: Ան յորդորած է աւելի մեծ առաջնահերթութիւն տալ իր կողմէ մատնանշուած հարցերուն եւ նմանատիպ կացութիւններու մէջ յառաջացող բազմաթիւ այլ խնդիրներուն: