
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Յայտարարութիւն Տարածած է Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպման Մասին
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Յունուար 14-ին Մոսկուայի մէջ իրականացած Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման վերաբերեալ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերդար Քըլըչը եւ ՀՀ խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը 2022 Յունուար 14-ին հանդիպած են Մոսկուայի մէջ:
Դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ անցած առաջին հանդիպման ընթացքին՝ յատուկ ներկայացուցիչները նախնական մտքեր փոխանակած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան միջոցով իրականացուելիք կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Կողմերը համաձայնութեան եկած են լիարժէք կարգաւորման հասնելու նպատակով բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու շարունակելու վերաբերեալ:
Յատուկ ներկայացուցիչներու 2-րդ հանդիպման տեղը եւ ժամանակը պիտի յստականայ յաջորդիւ՝ դիւանագիտական խողովակներու միջոցով»: