Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ն Խստիւ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Պահուածքը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակին վերաբերեալ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին.

«Շարք մը լրատուամիջոցներուն վերջերս տուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը, անդրադառնալով ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն, կրկին օգտագործած է հայատեաց,  ապակառուցողական, ծաւալապաշտական բառապաշար եւ գաղափարներ՝ հնչեցնելով անոնց համապատասխանող ծրագրեր ու նպատակներ։

Նման քաղաքականութիւնը միջազգային իրաւունքի, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կոպտագոյն խախտում է։ Անիկա նպատակ ունի տորփէդացնելու խաղաղութեան հաստատման ու կայունութեան պահպանման նախաձեռնութիւններն ու կազմաքանդելու գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերը։

Ազրպէյճանի ղեկավարը յատուկ թիրախ դարձուցած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահող երկիրներէն մէկուն՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւնը՝ անհեթեթ մեղադրանքներ հնչեցնելով անոնց գործունէութեան դէմ։

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափը կը հանդիսանայ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած միակ ձեւաչափը։

Մենք բարձր կը գնահատենք ռուս խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը Արցախի մէջ եւ անընդունելի կը համարենք անոնց գործունէութեան վրայ ստուէր նետելու ցանկացած փորձ։

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ն խստիւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի պահուածքը՝ համոզուած ըլլալով, որ պետական մակարդակով իրականացուող այսպիսի քաղաքականութիւնը պէտք է արժանանայ համապատասխան գնահատականի նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ»։