Տօն Անուանակոչութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի յաջորդող 8-րդ օրը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնն է։ Ան Հայ Եկեղեցւոյ Տէրունի անշարժ տօներէն է եւ ամէն տարի կը նշուի Յունուար 13-ին։Հրէական օրէնքին համաձայն, ծննդեան 8-րդ օրը Յիսուս, ինչպէս ամէն նորածին արու զաւակ, պէտք էր թլփատուէր եւ անոր անուն կոչուէր. նոյնը կատարեց Յիսուսի ծնողքը։ Ղուկաս աւետարանիչ այսպէս կը վկայէ. «Ութ օր ետք, երբ մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած» (Ղկ 2:21):ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ

-«Յիսուս» եբրայերէն բառ է, որ կը նշանակէ Փրկիչ:

-Գաբրիէլ հրեշտակապետ իր աւետումի ընթացքին կը յիշատակէ Յիսուս անունը. «Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես» (Ղկ 1:31):

-Յիսուս նաեւ կը կոչուի Քրիստոս: Ան Յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ Օծեալ եւ համապատասխանն է եբրայերէնի Մեսիա բառին:

-Տէրը Եսայի մարգարէին միջոցաւ այսպէս կը խօսի. «“Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ”», որ կը նշանակէ Աստուած մեզի հետ» (Մտ 1.23)։

-Բոլոր Հայ Եկեղեցիներէն ներս երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին՝ կը կատարուի նախատօնակի արարողութիւն: