Թուրքիոյ Պետական Համալսարանի Թուրք Փրոֆէսըրը Հրապարակած է «Մեծ Հայք»ի եւ «Փոքր Հայք»ի Քարտէզը

Աշխարհ, Հայաստան

Անգարայի պետական համալսարանի Պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բաժանմունքի փրոֆէսըր Պիւլէնթ Իփլիքչիօղլուն իր Facebook-ի էջին վրայ հրապարակած է Պեռլինի մէջ տպուած պատմական քարտէզ մը, ուր  առանձնանշուած են Մեծ Հայքը (Armenia) եւ Փոքր Հայքը (Armenia Minor), որոնք կը զբաղցնեն այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքներուն զգալի մասը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Ասիկա այն դէպքն է, երբ անոր Facebook-ի ետնանկարին վրայ պատկերուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի լուսանկարը:

Թուրք փրոֆէսըրին կողմէ յիշեալ քարտէզին անկաշկանդ հրապարակումը եղած է Հելլենիզմի ժամանակաշրջանի եւ Հռոմէական կայսրութեան թեմաներուն անդրադառնալու ծիրէն ներս: Այդուհանդերձ Մեծ եւ Փոքր Հայքերը ներառող քարտէզին հրապարակումը թուրք փրոֆէսըրէն պիտի որ պահանջէր մասնագիտական խիզախութիւն։ Որովհետեւ ինչպէս արդէն գիտենք անցեալի փորձէն, Թուրքիոյ մէջ լայն հասարակութիւնը, յատկապէս ազգայնական շրջանակներն ու նոյն հոսանքի մամուլը բաւական զգայուն են նմանատիպ դէպքերու նկատմամբ։ Պատմական Հայաստանի տարածքներուն հանդէպ ցաւագին եւ յարձակողական ընկալումները Թուրքիոյ մէջ կը դրսեւորուին յաճախակի կերպով։

Բառացիօրէն վերջերս աղմուկ բարձրացած էր լրատուամիջոցներուն կողմէ ու տարածուած նաեւ հասարակական ցանցերով՝ ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան պատմական ժանրի դրուագաշարին մէջ օգտագործուած քարտէզին պատճառով, ուր «ARMENIA» բառը ներկայացուած էր ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան տարածքներուն վրայ։

Եւ այս ծիրէն ներս ուշագրաւ է, որ Facebook-ի վրայ շուրջ 5000 հետեւորդ ունեցող վերոնշեալ թուրք փրոֆէսըրի հրապարակած քարտէզը առ այս պահը չէ յառաջացուցած քննադատական արձագանգներ: Աւելին՝ անոր գրառումն ու կից քարտէզը տարածուած են նաեւ հասարակական ցանցային այլ հարթակներու վրայ եւ մասնագիտական խումբերու մէջ, արժանացած հաւանումներու եւ դրական արձագանգներու։