
Հայկական Կողմը Ունի 2 Զոհ եւ 2 Վիրաւոր․ ՊՆ
Յունուար 11-ին, հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն իրականացուցած սադրանքին հետեւանքով զոհուած են ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայողներ, շարքային Արթուր Արտիոմի Մխիթարեանը (2002-ի ծնունդ) եւ կրտսեր սերժանտ Ռուդիկ Ռաֆիկի Ղարիբեանը (2002-ի ծնունդ)։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Եւս երկու զինծառայող վիրաւոր է։