Էապէս Ապազգային, Թրքամէտ Այս Վարքագիծին Հոլովոյթը Հիմնովին Կը Մերժենք. ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Հայաստան, Սփիւռք

(Հայ-թրքական յարաբերութիւններ եւ մասամբ նորին)

Անցնող 30 տարիներուն, այսպէս կոչուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու «բարելաւման» ուղղուած ցցուն փորձեր քանի մը անգամ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ, երբեմն՝ բարձրագոյն մակարդակի: Ամէն անգամ, սակայն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր հիմնաւորուած վերապահութիւնը կամ ընդդիմութիւնը արտայայտած է իրաւամբ:

Վերջին շաբաթներուն, տուեալ «օրակարգը» դարձեալ շրջանառութեան դրուած է, սակայն ի տարբերութիւն նախորդներուն, շատ աւելի աշխոյժ հոլովոյթով եւ շատ աւելի լուրջ վտանգներով: Պատերազմ պարտուած, արտաքին եւ ներքին առումով հեղինակազրկուած Հայաստանի վարչապետի աթոռին յայտնուած անձը եւ այսպէս կոչուած բանակցութեանց համար անոր նշանակած բոլոր առումներով անյարիր բանագնացը՝ հրաժարելով առանց նախապայմանի հիմնական սկզբունքէն՝ կը ներկայանան սեղան՝ ի սկզբանէ պարտուած, անձնատուր, տէ ֆաքթօ ընդունելով թրքական կողմի յայտնի երեք մշտական նախապայմանները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարում, Արցախի ենթակայութիւն Ազրպէյճանին եւ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական ներկայ սահմանի իրաւական ամրագրում:

Այս ընթացքէն անմասն չի մնար նաեւ Արցախը: Վարչապետի պաշտօնը զբաղցնող անձը 24 Դեկտեմբերի իր տխրահռչակ ասուլիսին ընթացքին հականէ անուանէ պարզեց արցախեան հիմնահարցին գծով հայկական շահերը ոտնակոխող իր դիրքորոշումները:

Էապէս ապազգային, թրքամէտ այս վարքագիծին հոլովոյթը կը մերժենք հիմնովին եւ հետեւեալ կէտերը կը վերընդգծենք ու կը յանձնենք հանրային կարծիքին ուշադրութեան.

1)Սկզբունքով մենք դէմ չենք ու չենք եղած յարաբերութեանց բնականոնացման: Սակայն այդ ուղղութեամբ երկխօսութիւնը հաւասարապէս երկու կողմերուն համար կը սկսի առանց նախապայմանի, ինչ որ այսօր էապէս խախտած է փաստօրէն, առ այդ մերժելի է ըստ ամենայնի:

2)Յստակ պէտք է տարբերել Հայաստան-Թուրքիա եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններ հասկացողութիւնը: Այն ինչ տեղի կ՝ունենայ ներկայիս՝ Երեւան-Անգարա միջպետական յարաբերութիւն է: Մինչդեռ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները, համազգային խնդիր են, հետեւաբար կրնան կարգաւորուիլ միայն համազգային համախոհութեամբ: Այդ բարդ
գործընթացը ոչ մէկ իշխանութեան մենաշնորհը չէ ու չի կրնար ըլլալ, մանաւանդ դաւադիր ու ապազգային ա՛յս իշխանութեան:

3)Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, ներառեալ՝ նոյնինքն ցեղասպանին կողմէ, Արցախի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, Հայ Դատի պահանջատիրութեան ամբողջական թղթածրարը կը մնան մեր յարատեւ ու աննահանջ պայքարի անզիջելի թիրախները:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

29 Դեկտեմբեր 2021

Փարիզ