
Իւրաքանչիւր Հայու Համար Արցախահայութեան Կամքն ու Ձգտումները Պէտք է Անձեռնմխելի Ըլլան. Արտակ Բեգլարեան
Ոեւէ մէկը կասկած ունի՞, որ արցախահայութիւնը կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը յանուն Արցախի հայկական ապագայի, անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ, վերջ ի վերջոյ, Մայր Հայաստանի հետ միացման: Այս մասին գրած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան:
«Իւրաքանչիւր հայու համար արցախահայութեան կամքն ու ձգտումները պէտք է ըլլան անձեռնմխելի եւ հիմք Հայրենիքին աջակցելու մղումներուն ու ջանքերուն մէջ: Արցախին առնչուող գործողութիւններն ու քննարկումները պէտք է ունենան յստակ ու ազգային շահերու հիման վրայ ձեւաւորուած նպատակներ, սկզբունքներ ու կարմիր գիծեր՝ վեր ցանկացած տիպի նեղ ու կարճաժամկէտ շահերէ, ներառեալ՝ ներքաղաքական:
Եւ ասիկա կը վերաբերի թէ՛ արցախեան, թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան քաղաքական ուժերուն ու գործիչներուն՝ ինձմէ սկսեալ:
ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ, ՈՎ ԿԸ ԿԱՐԾԷ, ՈՐ ԱՐՑԱԽԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ, ՈՒՆԻ ԸՆԵԼԻՔ, ԵՒ ԱՏԻԿԱ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՉՎՆԱՍԵԼՆ Է, ՅԵՏՈՅ՝ ԱՋԱԿՑԻԼԸ»:
Նշենք, որ այսօր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը արտահերթ նիստով միաձայն ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու ենթակայութեան սպառնացող վտանգներու եւ մարտահրաւէրներու մասին յայտարարութիւն: