«Կ՝ուզեմ Յաղթել Ի Պատիւ Իմ Ժողովուրդի, Կ՝ուզեմ, որ Արցախը Հայկական Մնայ»․ Հայ Գեղասահորդուհին Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Իւրայատուկ Շարժում Կատարած է. (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Կը սահիմ, որ ոգեւորեմ իմ հայ ժողովուրդը, որուն արիւնը կը հոսի երակներուս մէջ։ Կ՝ուզեմ յաղթել ի պատիւ իմ ժողովուրդի, կ՝ուզեմ, որ Արցախը հայկական մնայ․․․»,- Ատելիա Պետրոսեան։

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ հայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեանը կատարած է երկու քառակի ռիթպըրկըր, եւ ասիկա ոչ միայն կանանց, այլ նաեւ տղամարդոց մենասահքի առաջնութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ slim.am-էն։

Ռուսական լրատուամիջոցներու փոխանցած տեղեկութիւններով՝ գեղասահքի 2022 թուականի Ռուսիոյ առաջնութեան ազատ ծրագրի մրցումները ընթացած են Ս. Փեթերզպուրկի մէջ։ Ազատ ծրագրի համար մարզուհին ստացած է 160,68 նիշ։

Նախապէս, 14-ամեայ գեղասահորդուհին քառակի ռիթպըրկըրը կատարած էր Փերմի Ռուսիոյ բաժակի փուլի մրցումներուն: