Տէր Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեանի Ղեկավարած Համերգը՝ Լոնտոնի Մէջ
ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան (Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ինտիըն Օրչըրտ – Մասաչուսէց), նաեւ հմուտ մաէսթրօ մըն է։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայրենիք»-էն։
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, թէ Նոյեմբեր 25-ին, հոգեւոր հովիւը ելոյթ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, ղեկավարելով տեղւոյն Mozart Players նուագախումբը, տեղւոյն St. John’s Smith Square սրահին մէջ։ Նուագախումբը ներկայացուց Մոցարթի, Մենտելսոնի եւ Պէթհովէնի գործերը։
Տ. Պետրոս իր երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ՝ խմբավարի մասնագիտութեամբ եւ ապա Սէնթ Փեթերզպուրկի երաժշտանոցին մէջ՝ յաւելեալ մասնագիտութիւն ստացած է։ Շարունակ անոր ձիրքերը մեծապէս գնահատուած են միջազգային մամուլին կողմէ։
Այս համերգին տեսագրութիւնը եւ այլ յարակից նիւթերը յառաջիկայ Փետրուարին տրամադրելի պիտի ըլլան նուագախումբի կայքէջին մէջ։
