Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Ջանքերով Այս Տարի Սիւնիքի Մէջ Վեցերորդ Դպրոցը Վերանորոգուեցաւ
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս ամբողջացուցած է Հայաստանի Սիւնիք մարզի Օխտար գիւղին մէջ գտնուող վարժարանի նորոգութիւնը, որ այս տարուան ընթացքին կազմակերպութեան կողմէ Սիւնիքի մէջ վերանորոգուած վեցերորդ վարժարանը կը հանդիսանայ։
Յիշեցնենք, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք, Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը որոշած էր իր աշխատանքը կեդրոնացնել վարժարաններու վերանորոգութեան վրայ, որովհետեւ հասած էր այն եզրակացութեան, որ այդ ձեւով լաւագոյն սպասարկութիւնը կրնայ տրամադրել Հայաստանի եր Արցախի աշակերտներուն, յատկապէս այս հանգրուանին։
Աշակերտները նոր տարուան սկիզբը պիտի սկսին յաճախել Օխտարի ամբողջովին նորոգուած դպրոցը, որ այժմ ունի նորոգուած դասարաններ, յատակներ, պատուհաններ, դռներ, ինչպէս նաեւ արդիականացուած ելեկտրական եւ ջերուցման համակարգեր, կրթական աւելի լաւ պայմաններ երաշխաւորելով աշակերտներուն, կը յայտնէ Հայ Կրթական հիմնարկութեան` Հայաստանի մէջ վարժարաններու նորոգութիւններու պատասխանատու Նշան Փիրումեան։

Հայ Կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Էլ Քապրալոֆ կը յայտնէ, թէ նորոգութիւնը արժած է 85,000 տոլար, որուն 40,000 տոլարը նուիրած է Արմէն եւ Կլորիա Համբար ընտանիքի հիմնարկութիւնը։ Օխտարի բնակչութեան կողմէ ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրին իրականացման նպաստած բոլոր զօրակիցներուն։
Սիւնիքի կրթական համակարգի վարիչի Մարի Ղանդալեան դրուատեց վարժարանը նորոգելու՝ Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնը, շեշտելով, որ տեղական իշխանութիւնները որոշած են դպրոց չունեցող մօտակայ գիւղերէն աշակերտներ յատուկ հանրակառքերով Օխտար փոխադրել, որպէոզի անոնք կարենան յաճախել նորոգուած վարժարանը։
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցել aef@aefweb.org կայքը:
