Երեւանի Քաղաքապետ Դարձաւ Հրաչեայ Սարգսեանը
Դեկտեմբեր 22-ին, Երեւանի աւագանի հրաւիրած արտահերթ նիստը՝ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ, անվստահութիւն յայտնեց Հայկ Մարութեանին։
«Երկիր»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ 44 կողմ, 10 դէմ ձայներով աւագանին անվստահութիւն յայտնեց Հայկ Մարութեանին: Քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուեցաւ Հրաչեայ Սարգսեանը:
