Ամանորին եւ Սուրբ Ծնունդին Նուիրուած Ցուցահանդէս՝ Ախալքալաքի Մէջ
Այսօր, Ախալքալաքի քաղաքապետարանի Ապագայի տան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնին եւ Ամանորին նուիրուած ցուցահանդէս, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան կեդրոնի սաներուն ձեռքով պատրաստուած, Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորեայ տօները խորհրդանշող իրեր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութենէն։
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Նարեկ քահանայ Տիգրանեանը, Ախալքալաքի քաղաքապետ Մելքոն Մակարեանը, փոխքաղաքապետ Մկրտիչ Մղդեսեանը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կրթական եւ մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ այլ հիւրեր:
Արժանապատիւ Տէր Հայրը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ Ապագայի տան աշխատակազմին ու սաներուն, բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը: Արժանապատիւ Տէր Նարեկ քահանայ Տիգրանեանը ներկաները շնորհաւորեց գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով ու մաղթեց խաղաղ, յաղթանակներով եւ ձեռքբերումներով լի տարի:
