Սահմանազատման եւ Սահմանագծման Մասին «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւնը

Հայաստան

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւնը այսօր հրաւիրած էր ԱԺ արտահերթ նիստ՝ սահմանագծման եւ սահմանազատման թեմայով։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը տապալեց նիստը՝ չմասնակցելով։ Նիստին իբրեւ արդիւնք պէտք է ընդունուեր ԱԺ հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ հրապարակած է «Հայաստան» խմբակցութիւնը․

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 103-րդ յօդուածը, «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 98-րդ յօդուածը՝

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը

Կը դատապարտէ՝

ա) Թուրք-ազրպէյճանական յարձակումն ու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու բռնագրաւումը, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժումը, ուժի շարունակական գործադրումը կամ զայն գործադրելու իրական սպառնալիքները, փաստացի սահմանագծման եւ սահմանազատման գործողութիւնները։

բ) Գերեվարուած, պատանդառուած անձերու նկատմամբ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները, նոր գերեվարումներու դէպքերը, կեղծ դատավարութիւններու պատրուակով զանոնք չյանձնելը, պատերազմական յանցագործութիւն համարուող այլ գործողութիւնները:

Կ՝արձանագրէ, որ

ա) 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք ալ Ազրպէյճանի կողմէ վերը նշուած յանցաւոր գործողութիւնները կը շարունակուին՝ ուղեկցուելով ՀՀ եւ ԱՀ տարածքներու նկատմամբ ոտնձգութիւններով, խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ ահաբեկչութիւններով, բռնագրաւուած բնակավայրերու մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով կամ իւրացումով:

բ) Արցախի ժողովուրդի անվտանգ եւ կայուն կենսագործունէութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտութիւն է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման 5-ամեայ ժամկէտի առնուազն նոյն ժամկէտով երկարաձգումը՝ Կողմերէն մէկուն, այդ ժամկէտը լրանալէ 6 ամիս առաջ երկարաձգման յայտարարութեան հիման վրայ:

գ) Պետական սահմաններու որոշումը սահմանակից պետութիւններու բացառիկ իրաւասութեան ոլորտն է, որ պէտք է բխի ՄԱԿ-ի «Միջազգային պայմանագրերու իրաւունքի մասին» Վիեննայի պայմանագրի (1969), Հելսինկիի եզրափակիչ ակտի (1975) եւ ԵԱՀԿ քարտուղարութեան «Պետական սահմանի սահմանազատում եւ սահմանագծում, հրատապ հարցեր եւ լուծման ուղիներ» (2017) փաստաթուղթի հայեցակարգային չափանիշներէն, ներառեալ այն սկզբունքէն, համաձայն որուն առ ոչինչ է ուժի սպառնալիքի կամ զայն կիրառելու միջոցով ձեռք բերուած ցանկացած միջազգային համաձայնութիւն:

գ) ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն է միջազգայնօրէն ճանչցուած այն ձեւաչափը, որուն ծիրէն ներս պիտի կարգաւորուի եւ իրացուի Արցախի ժողովուրդի` իր պատմական տարածքին մէջ ինքորոշման երաշխաւորուած իրաւունքը, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներով ձեւաւորուած Արցախի Հանրապետութեան տէ ֆաքթօ գոյութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու տէօքուփացիան՝ իբրեւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման գլխաւոր նախապայման:

դ) Հիմնաւորուած է 44-օրեայ պատերազմին ահաբեկչական վարձկան խմբաւորումներու ներգրաւմամբ Թուրքիոյ բացայայտ մասնակցութիւնը, ինչը սակայն մնացած է անպատիժ՝ պատշաճ գնահատական չստանալով միջազգային հանրութեան կողմէ։

Առաջնորդուելով ՀՀ Սահմանադրութեամբ, որուն համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեան վերաբերող հարցերը կը լուծուին բացառապէս հանրաքուէի միջոցով, ինչպէս նաեւ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992թ. Յուլիս 8-ի որոշմամբ:

Կը հաստատէ, որ

ա) Ազրպէյճանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան ապօրինի բռնակցուած Արցախը չի կրնար Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան մաս կազմել: Ընդ որուն, Ազրպէյճանը իր Սահմանադրութեամբ չէ ամրագրած Ազրպէյճանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան իր իրաւայաջորդութիւնը:

բ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի միջազգային-իրաւական ոչ մէկ պարտաւորութիւն՝ հիմք ընդունելու որեւէ քարտէզով արձանագրուած սահմանները, առաւել եւս, երբ անիկա չի համապատասխաներ միջազգային լաւագոյն փորձին:

գ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող որեւէ պաշտօնատար անձ, ներառեալ՝ գործադիր իշխանութեան ղեկավարը կամ այլ ներկայացուցիչ, չի կրնար գրաւոր կամ բանաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերել՝ խախտելով Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող իրաւական հիմնարար չափանիշները: Այդպիսի ցանկացած համաձայնութիւն ի սկզբանէ առ ոչինչ է:

դ) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ վէճերը կրնան լուծուիլ բացառապէս խաղաղ միջոցներով՝ առանց ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն կը պահանջէ.

ա) Զերծ մնալ որեւէ բանակցութենէ, գրաւոր կամ բանաւոր համաձայնութենէ, որ պիտի խախտէ Սահմանադրութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագրով ամրագրուած հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքը:

բ) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման հարցով չկատարել այնպիսի գործողութիւններ, որոնք կրնան չեղարկել Արցախի ժողովուրդի` իր պատմական տարածքին մէջ ինքորոշման իրաւունքի երաշխաւորուած իրացումը, ներառեալ իբրեւ անկախ վայր ձեւաւորուելու օրինական փաստը։

գ) Պետութեան անվտանգութեան ազգային եւ միջազգային երաշխիքներու ամրապնդման նպատակով զարկ տալ բանակի վերականգման եւ սահմաններու կահաւորման, յստակեցնել եւ կատարելագործել ռազմավարական գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները:

Կոչ կ՝ընէ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն դատապարտել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած եւ շարունակուող յանցագործութիւնները, ձեռնարկել վերջիններուս իրաւական պատասխանատւութեան ենթարկելուն ուղղուած գործողութիւններ։

Հիմնաւորում

Ազգային ժողովի կողմէ՝ ներկայացուած յայտարարութեան ընդունման հրամայականը կը բխի այն վտանգաւոր եւ մտահոգիչ իրավիճակէն, որ առկայ է Թուրքիոյ անմիջական հրահրմամբ եւ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ 2020թ. Սեպտեմբեր 27-ին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն դէմ սանձազերծուած պատերազմի եւ չդադրող ռազմական յարձակման հետեւանքով:

Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կը հնչեցուին խիստ մտահոգիչ յայտարարութիւններ, որոնք չեն բխիր միջազգային իրաւունքէն, Հայ ժողովուրդի կամքը արտայայտող Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութենէն եւ Անկախութեան հռչակագրէն, Արցախի ժողովուրդի` իր պատմական տարածքին մէջ ինքորոշման իրաւունքի երաշխաւորուած իրացումէն, արցախեան հիմնախնդիրը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս խաղաղ կարգաւորելու ընդունուած ձեւաչափէն:

Աւելին՝ անտեսելով Խորհրդային ժամանակաշրջանին Արցախի եւ Հայաստանի տարածքներու Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի իւրացման փաստերը, չդիտարկելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հնարաւոր սահմանագծման եւ սահմանազատման հարցը արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հետ մէկ փաթեթի մէջ, կը ստեղծուի իրական վտանգ հայոց պետականութեան գոյութեան եւ հայ ժողովուրդի անվտանգ լինելիութեան համար:

Յայտարարութիւնով Ազգային ժողովը, իբրեւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած՝ Հայ ժողովուրդի բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմին, իր քաղաքական դիրքորշումը կ՝արտայայտէ Հայոց պետականութեան կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերուն վերաբերեալ՝ պահանջելով իր վերահսկողութեան ներքոյ գնտուող Հայաստանի գործադիր իշխանութենէն առաջնորդուիլ Հայ ժողովուրդի շահերով, սահմանագծման եւ սահմանազատման վերաբերեալ միջազգային ընդունուած կանոններուն համապատասխան: Յայտարարութեան նախագիծին վերաբերեալ «Հայաստան» խմբակցութիւնը 2021 թուականի Նոյեմբեր 25-ին կազմակերպած է խորհրդարանական լսումներ, որուն մասնակից բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական, մտաւորական եւ գիտական շրջանականերու ներկայացուցիչներու կողմէ հնչած են բազմաթիւ առաջարկներ: Յայտարարութեան նախագիծը քննարկուած է նաեւ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովին կողմէ: Հնչեցուած առաջարկներուն հիման վրայ յայտարարութեան նախագիծը լրամշակուած է եւ կ՝առաջադրուի Ազգային ժողովին՝ ընդունման համար»: