ՄԻՊ-ը Այցելած է Ազրպէյճանական Գերութենէն Ետք Հայաստանի Մէջ Կալանաւորուած Զինծառայողներուն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան կը տեղեկացնէ, թէ այսօր, Դեկտեմբեր 14-ին, ՄԻՊ աշխատակիցները այցելած են ազրպէյճանական գերութենէն ետք Հայաստանի մէջ կալանաւորուած զինծառայողներուն։

«Իմ յանձնարարութեամբ՝ այսօր այցեր իրականացուցած ենք ՀՀ այն զինծառայողներուն, որոնք ազրպէյճանական գերութենէն Հայաստան վերադառնալէ ետք կալանաւորուած են:

«Արմաւիր» եւ «Նուբարաշեն» ՔԿՀ-ներուն մէջ անոնց հետ տեղի ունեցած են առանձնազրոյցներ, ուսումնասիրուած են փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ անոնց իրաւունքներուն վիճակը՝ գերեվարումէն սկսեալ:

Քիչ առաջ ամփոփեցինք այցերը, որոնց արդիւնքներով պետական համապատասխան մարմիններուն պիտի հասցէագրուին անհրաժեշտ գրութիւններ: Պիտի ձեռնարկուին այլ անհրաժեշտ քայլեր»:

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 4-ին Ազրպէյճանը Հայաստանին փոխանցած էր Նոյեմբեր 16-ին սահմանի վրայ տեղի ունեցած մարտերուն ժամանակ գերեվարուած 10 հայ զինուորական։ Անոնց ՀՀ բերած էր ռուս զօրավար Ռուստամ Մուրատովը։ Նոյն օրը, Հայաստան վերադարձած 10 զինծառայողէն 5-ը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած էր։