Ալընտրանքային Ճանապարհը Լուծում Չէ, Ապահովուած Չէ Մարդոց Անվտանգութիւնը. ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, այսօր, Սթրազպուրկի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պէյչինովիչ Պուրիչի հետ: Այս մասին ան գրած է Facebook-ի իր էջին։

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը գրած է,- «Հանդիպման ընթացքին օրինակներով ցոյց տուած եմ, որ պատերազմէն անմիջապէս ետք ազրպէյճանական զինուած ծառայողները կը կատարեն Հայաստանի բնակչութեան իրաւունքները կոպիտ խախտող արարքներ՝ սկսեալ այն պահէն, երբ յայտնուած են Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու գիւղերու հարեւանութեամբ եւ Սիւնիքի համայնքներու միջեւ ճանապարհներուն. կրակոցներ, արօտավայրերու հրդեհում եւ այլն:

Յատուկ անդրադարձած եմ Սիւնիքի մէջ ճանապարհներու արգելափակման, նշած, որ ալընտրանքային ճանապարհը լուծում չէ, քանի որ ապահովուած չէ մարդոց անվտանգութիւնը. ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու նշանառութեան տակ են ճանապարհը, քաղաքացիական բնակիչները, անոնց տուները: Շեշտած եմ, որ խախտումներու վերացման իրական լուծումը բոլորովին այլ է. ատիկա ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու հեռացումն է մեր գիւղերու հարեւանութենէն ու ճանապարհներէն:

Պէտք է ըլլայ ապառազմականացուած (անվտանգութեան) գօտի, որուն ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի առաջարկին հիման վրայ արդէն իսկ տեղ գտած է ԵԽԽՎ 2021թ. Սեպտեմբեր 27-ի բանաձեւին մէջ:

Բացատրած եմ, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ այդ կերպով մէկ անգամէն կ՝որոշենք՝ ի՞նչ կամ որո՞ւն տարածքն է: Ատիկա պիտի որոշուի յետագային՝ առնուազն զուգահեռ սկսուած դելիմիատացիայի ու դեմարկացիայի իբրեւ արդիւնք, բայց պէտք է ամէն ինչ ընել մարդոց բնականոն կեանքը, անվտանգութիւնը վերականգնելու համար:

Հանդիպման ընթացքին առանձին նշած եմ, որ խնդիր է, որ միջազգային կառոյցները չեն այցելեր Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ). այնպէս է՝ Եւրոպայի խորհուրդի տարածքին մէջ կայ վայր, որ հասանելի չէ ընդհանրապէս, որ կը հակասէ նոյնինքն ԵԽ խորհրդարանական վեհաժողովի բանաձեւերուն:

Մանրամասն անդրադարձած եմ հայ գերիներու ազատ արձակման, Հայրենիք անոնց վերադարձի հրատապութեան, որոնք ապօրինաբար կը պահուին Ազրպէյճանի մէջ:

ԵԽ գլխաւոր քարտուղարին շնորհակալութիւն յայտնած եմ պատերազմի սկիբը ու անկէ ետք զինուած յարձակումները դադրեցնելու յայտարարութիւններուն եւ կոչերուն, իր անձնական ջանքերուն համար:

Մարիա Պէյչինովիչ Պուրիչը բարձր գնահատած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատանքը բարդ ու ճգնաժամային իրավիճակի մէջ:

Գլխաւոր քարտուղարը յատուկ ընդգծած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կարեւոր դերը երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Կարեւոր համարած է Պաշտպանի կողմէ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռներու կատարման դիրքորոշումներ ուղարկելու փորձը: Ես կարեւոր համարած եմ այս փորձը ու նաեւ նշած, որ ատիկա կ՝ընենք նաեւ ՀԿ-ներու հետ համատեղ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Զինուած ուժերու մէջ մարդու իրաւունքներու, կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան, խոշտանգումներու կանխարգիլման վերաբերող եւ շարք մը այլ հարցեր:

Հանդիպման աւարտին ԵԽ գլխաւոր քարտուղարին փոխանցած եմ նշուած թեմաներուն վերաբերող արտահերթ զեկոյցներս»: