Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Հայ Համայնքը Ահաբեկելու Արարքները

Աշխարհ, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու Կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողովին պատրաստած նորագոյն զեկուցումին մէջ, Թուրքիա դարձեալ կը մեղադրուի կրօնական փոքրամասնութիւններու շուրջ թշնամական քաղաքական միջավայր ստեղծելու յանցանքով:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հանդուրժէ երկրի իսլամ եւ ոչ-իսլամ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքը եւ բռնութեան արարքները, ընդգծելով, որ յատկապէս հայ համայնքը ահաբեկման ենթարկելու նոր ձեւեր ի յայտ եկած են վերջերս:

Կը շեշտուի, որ հայկական կրօնական ժառանգութիւնը վտանգի տակ է եւ թէ կառավարութիւնը շարունակաբար կը միջամտէ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներքին գործերուն:

«2013-էն ի վեր, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խոչընդոտէ կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնադրութիւններու խորհուրդներու նոր անդամներու ընտրութեան գործընթացը: Այդ գործելաոճը աստիճանաբար կը նուազեցնէ խորհուրդի անդամներու  թիւը՝ մահուան եւ հիւանդութեան պատճառով, անոնց առօրեայ աշխատանքները կը դժուարացնէ, ինչպէս նաեւ կը  վնասէ կարգ մը համայնքներու, ինչպէս օրինակ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ: Բացի այդ, համաճարակը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը նպաստած են հակահայկական դաւադրութիւններու աճին եւ բողոքի ցոյցերու»,- կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:

Անոր մէջ նաեւ կը նշուի, որ ընդդիմադիր խորհրդարանական Կարօ Փայլան սպառնալիքներու թիրախ կը մնայ, պարզապէս հայ ըլլալուն համար, կ՛ընդգծուին հակասեմականութեան աճը եւ ալաուի համայնքին նկատմամբ կիրառուող սահմանափակումները: