
Հաագայի Դատարանը Մերժած է Ազրպէյճանի Պահանջած Միջոցներուն Մեծ Մասը
ՄԻԵԴ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Twitter-ի վրայ գրած է Հաագայի դատարանի այսօրուան որոշման մասին:
«Դատարանը բաւարարած է Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի ներկայացուցած գրեթէ բոլոր միջանկեալ միջոցները եւ մերժած է Ազրպէյճանի պահանջած միջոցներուն մեծ մասը։ Հայաստանը կ՝ողջունէ դատարանի որոշումը եւ յոյսով է Ազրպէյճանի ու անոր բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ այդ որոշման գործնական կիրարկումը ապահովելուն»,- գրած է ան:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը «Հայաստանը Ազրպէյճանի դէմ» գործով միջանկեալ միջոցներ սահմանելու Հայաստանի դիմումին վերաբերեալ որոշումը ներկայացուցած էր Դեկտեմբեր 7-ին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2021թ. Սեպտեմբեր 21-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր դատական մարմնին գործ յարուցած է Ռասսայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային պայմանագրի խախտման հիմքով Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած շարք մը հրատապ միջոցներու կիրառման առնչութեամբ։
Հայաստանը կը պնդէ, որ «Ազրպէյճանը տասնամեակներ շարունակ հայերը ենթարկած է ռասսայական խտրականութեան», եւ որ «պետութեան կողմէ հովանաւորուող հայատեացութեան քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք հայերը ենթարկուած են համակարգային խտրականութեան, զանգուածային սպանութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ չարաշահումներու»: Ըստ Հայաստանի՝ այս խախտումները ուղղուած են հայկական ցեղական կամ ազգային ծագում ունեցող անձերու՝ անկախ անոնց փաստացի ազգութենէն։ Հայաստանը կը պնդէ, որ «այդ գործելաոճը մէկ անգամ եւս դրսեւորուեցաւ 2020 թուականի Սեպտեմբերին՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք», եւ որ «այդ զինուած հակամարտութեան ընթացքին Ազրպէյճանը թոյլ տուած է միջազգային պայմանագրի կոպիտ խախտումներ»։ Դիմումատուն կը պնդէ, որ «ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք», 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին ուժի մէջ մտած հրադադարէն ետք, «Ազրպէյճանը շարունակած է իր յարձակումները՝ սպանութիւններու, խոշտանգումներու եւ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ կալանաւորուած անձերու նկատմամբ բռնութիւն»: