«Մատեան Ողբերգութեան» Արեւմտահայերէնի Նոր Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը՝ Պըրպենքի Մէջ

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ շուրջ տասնմէկ դարեր առաջ ապրած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի վարդապետին «Մատեան Ողբերգութեան» արեւմտահայերէնի նոր թարգմանութեան շնորհահանդէսը: Հատորը հրատարակուեցաւ վերջերս: Թարգմանական այս նոր իրագործումը իրականացած է Տաճատ Ծ. վրդ․ Եարտըմեանին անխոնջ աշխատանքով:

Անշուշտ, հրապարակի վրայ գոյութիւն ունին աշխարհաբար քանի մը թարգմանութիւններ, սակայն այս նոր թարգմանութիւնը, որ պատրաստուած է անցնող տասնամեակներուն ընթացքին, ունի բանաստեղծական նոր ոճ, նոր շունչ, նոր թարմութիւն եւ աւելի դիւրահասկնալի մերձեցում՝ մարդոց ներաշխարհէն ներս թափանցելու եւ ներգործելու համար: Այս իմաստով, հայր սուրբին համաձայն, միշտ կարիքը կը զգացուի այս ստեղծագործութեան նոր եւ շարունակական թարմ ընթերցումներու: Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան բարեհաճօրէն հովանաւորած է այս նոր թարգմանութեան հրատարակութիւնը՝ վստահ ըլլալով, որ չկայ աւելի կարեւոր նպատակ, քան «Նարեկ»ը եւ անոր անզուգական հեղինակը աւելի մօտեցնել ընթերցողներուն:

«Մատեան Ողբերգութեան» այս նոր թարգամանութիւնը պիտի ներկայացնէ թարգմանիչը:

Ձեռնարկին մուտքը ազատ է:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ