
ՀՀ Համայնքներուն Միջեւ Ճանապարհներուն Ազրպէյճանցիներ Պէտք Չէ Ըլլան. Արման Թաթոյեան
Եթէ Որոտան տանող այլընտրանքային միակ ճանապարհը ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու անմիջական դիտարկման ներքոյ է, ուստի բնակիչներուն անվտանգութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման համար միակ ելքը ազրպէյճանցիներուն հեռացումն է։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է
ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան։
Անոր խօսքով` բացի այն, որ որեւէ հիմք չունեցող ազրպէյճանական, սահմանային ու մաքսային վերահսկողութեան հետեւանքով մարդիկ զրկուած են Գորիս-Կապան ճանապարհով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժուելու միջազգայնօրէն երաշխաւորուած իրաւունքէն, այլընտրանքային շահագործուող ճանապարհը առարկայականօրէն չի լուծեր իրաւունքներու այն խախտումները վերացնելու հարցը, որ յառաջած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն, անոնց զինուած ծառայողներուն անօրինական արարքներով։
Թաթոյեան նշած է, որ այսօր Գորիս համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Արտիոմ Աղաջանեանի եւ անձնակազմի հետ միասին ուսումնասիրած են այս պահուն շահագործուող այլընտրանքային միակ ճանապարհի դիտարկուող հատուածները։
Անոր խօսքով` Որոտան, Շուռնուխ եւ Բարձրաւան գիւղեր (նոյնը կը վերաբերի նաեւ Նոր Առաջաձորին) տանող ճանապարհի փակումը մարդու իրաւունքներու եւ մեկուսացման լուրջ խնդիրներ յառաջացուցած է նաեւ այն առումով, որ եթէ մինչեւ Նոյեմբեր 11՝ ճանապարհը փակուիլը, Գորիսէն Կապան ճանապարհը կ՝անցնէր այս գիւղերով ու հետեւաբար՝ ընդհանուր տեղաշարժն ալ այս գիւղերով էր, հիմա, սակայյն, այս գիւղեր կու գան միայն կա՛մ բնակիչները, կա՛մ նպատակային գիւղեր այցելողները:
«Ուստի, անհրաժեշտ ելքը մէկն է՝ ազրպէյճանական զինուած կամ այլ ծառայողներ մեր համայնքներուն հարեւանութեամբ կամ համայնքներուն միջեւ ճանապարհներուն վրայ պէտք չէ ըլլան, պէտք է ստեղծուի անվտանգութեան ապառազմականացուած գօտի: Այդ է ՀՀ բնակիչներուն իրաւունքները վերականգնելու ճանապարհը: Ասիկա ամբողջութեամբ կը բխի միջազգային փորձէն ու չափանիշներէն»,- գրած է Թաթոյեան:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յատուկ զեկոյցներ պիտի ներկայացնէ միջազգային համապատասխան կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ մարմիններուն եւ ՀԿ-ներուն:



