Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր, Նոյեմբեր 29-ին, Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներիու պալատին մէջ, առաջին անգամ քննարկման դրուած է բանաձեւ, որ ուղղակիօրէն կոչ կ՝ընէ կառավարութեան՝ ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը:

Պատգամաւոր Թրենթ Զիմերմանի ներկայացուցած բանաձեւը կը յորդորէ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը՝ հաւատարիմ մնալու 1948-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ դատապարտման մասին համաձայնագրին՝ ճանչնալով «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն ընթացքին հայերու, յոյներու եւ քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւններուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը»:

Աւստրալիոյ խորհրդարանի ամենաներկայացուցչական պալատը կոչ ըրած է Դաշնային կառավարութեան՝ ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները։

Համապարփակ արդիւնքը Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատի կամքի արտայայտութիւնն է եւ աւստրալական կառավարութեան վրայ ճնշում գործադրելը, ինչպէս նաեւ հարուածը Թուրքիոյ՝ մարդու իրաւունքներու այս կարեւոր հարցին գծով Գանպերան լռեցնելու փորձերուն:

Ասիկա կը ներկայացնէ Համատեղ արդարադատութեան նախաձեռնութեան առաջին օրէնսդրական յաջողութիւնը, որ ձեւաւորուած է 2020-ի Փետրուարին հայ-աւստրալական, ասորա-աւստրալական եւ յունա-աւստրալական համայնքներու կողմէն՝ այս արդիւնքը խթանելու նպատակով:

«Ներկայացուցիչներու պալատը խօսած է. Աւստրալիոյ խորհրդարանի ամենամեծ եւ ամենաներկայացուցչական օրէնսդիր պալատը միաձայն կոչ ըրած է Աւստրալիոյ կառավարութեան ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները»,- կ՝ըսէ Դաշնակցութեան Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան:

«Այս միաձայն նախաձեռնութիւնը կը մերժէ թրքական միջամտութիւնը Աւստրալիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ կոչ կ՝ընէ մեր երկրի վարչապետին եւ անոր կառավարութեան՝ կանգնելու իրենց ընտրողներուն կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներու կողքին եւ ցեղասպանութիւնը անուանելու ցեղասպանութիւն»,- կ՝ընդգծէ Գայսերեան։

Եթէ ելոյթ ունեցողներուն մեծ մասը կողմ հանդէս գայ բանաձեւին՝ Ներկայացուցիչներու պալատը կոչ պիտի ընէ կառավարութեան՝ կեանքի կոչելու ժողովուրդին կամքը ու ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները: