Հայաստան Հիմնադրամի Թելեթոնը Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ Պատերազմէն Տուժած Համայնքներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան Հիմնադրամի Գոհաբանութեան Օրուան 24-րդ տարեկան միջազգային թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ 25 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4-էն մինչեւ 8 (Արեւելեան ափի ժամով՝ երեկոյեան 7-11): Դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրուի 44-օրեայ պատերազմէն տուժած Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան, ներառեալ՝ տասնեակներով աւերուած համայքներու, ինչպէս նաեւ շուրջ 100,000 տեղահանուածներու ու բռնագաղթուածներու կեանքերու վերականգնման:

«Վերակառուցել հայրենիքի հեռաւոր համայնքները» նշանաբանով, այս տարուան թելեթոնը պիտի ընդլայնէ անցեալ 12 ամիսներուն կատարուած աշխատանքը՝ համապարփակ նեցուկ ապահովելով պատերազմէն վնասուած Արցախի ու Հայաստանի բնակչութիւններուն համար: Սոյն աջակցութիւնը պիտի ընդգրկէ մարդասիրական հրատապ օգնութիւն, բնակարաններու կառուցում, բժշկական բազմատեսակ օժանդակութիւն, ենթակառոյցներու նորոգում եւ զարգացում, ներառեալ ճամբաներու նորոգում ու մշակութային վերականգնումի ծրագիրներ, ներառեալ՝ տեղահանուած համայնքներու համար դպրոցաշինութիւն եւ արուեստներու դասաւանդում:

«Թելեթոն 2021-ը կը վերաբերի նոյնքան կազմակերպչական հաշուետուութեան ու թափանցիկութեան, որքան Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդի վերականգնման», յայտնեց հիմնադրամի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարիա Մեհրանեան: «Այսպէս, ցարդ իրականացուած ծրագիրներու մասին մեր նուիրատուները ամբողջական կերպով տեղեակ պահելու զուգահեռ, Թելեթոն 2021-ը հրատապ օգնութիւն պիտի ապահովէ՝ պատերազմին պատճառով աւերուած համայնքներու եւ տուն-ու-տեղ կորսնցուցած ընտանիքներու համար»:

Թելեթոնը ուղղակիօրէն պիտի հեռարձակուի Armeniafund.org կայքէն՝ համաշխարհային հանդիսատեսներու համար, եւ նոյն ժամանակ պիտի սփռուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին, պատկերասփիւռի հետեւեալ կայաններէն՝ AABC TV, ARTN TV, Horizon Armenian TV, եւ USArmenia TV:

Թելեթոնի կամաւորներուն, հաղորդավարներուն եւ անձնակազմին ապահովութեան համար, COVID-19-ի վերաբերող բոլոր կանոնները պիտի գործադրուին միջոցառման ընթացքին, եւ դրամահաւաքի հեռաձայնները պատասխանող կամաւորներու կազմը պիտի գործէ տարբեր վայրէ մը՝ դարձեալ ապահովական նկատառումներով:

Հայաստան հիմնադրամը 501(c)(3) կարգավիճակ ունեցող ոչ-հասութաբեր, ոչ-կառավարական, եւ ոչ-քաղաքական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է:

(Հաողրդագրութիւնը՝ հիմնադրամէն)