
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ հիմնադրման եւ անուանակոչութեան 118 ամեակի տօնախմբութիւն (մատաղ)
Նկատի ունենալով վերջին ամիսներուն ու յատկապէս եւ մասնաւորաբար վերջին օրերուն Քորոնա համաճարակի քանակի տարածումը Սելանիկէն ներս, կ’ուզենք տեղեկացնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդն ու եկեղեցասիրաց Տիկնաց միութիւնը, այս տարի եւս շա՜տ աւելի համեստ պայմաններու տակ պիտի նշէ իր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնը։
Առ այդ, Կիրակի՝ 21 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի ս. եւ անմահ Պատարագ եւ կատարուի մատաղի օրհնութիւն։
Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարէ՝
ԳԵՐՊ. Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ
(հոգեւոր հովիւ Սելանիկի)
Յայտնենք, որ տեղի պիտի չունենան նաեւ հաւաքները, ելոյթներն ու պաշտօնական ընթրիքը։ Պիտի բաւարարուինք մատուցել ս. Պատարագ եւ շա՜տ քիչ քանակութեամբ մատաղ պատրաստել, խստագոյնս հետեւելով պետութեան կողմէ սահմանուած հակա-համաճարակային կանոններուն, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութիւնն ու առողջութիւնը պահպանուին։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ «Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ»
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Կիրակի՝ 21 Նոյեմբեր 2021-ին
նախաձեռնութեամբ՝
Հ.Գթ.Խաչի Թեսաղոնիկէի «ԱՆԻ» մասնաճիւղին
Արիւնատուութիւն՝
առաւօտեան ժամը 9։30-13։30
«Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս
«Ազատ Օր»