
Եւրոխորհրդարանի 33 Պատգամաւոր Կոչ Կ՝ընեն Եւրոմիութեան Ստիպելու Ազրպէյճանին Դուրս Բերել Զինուած Ուժերը Հայաստանի Հանրապետութենէն
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Լուգաս Ֆուրլասի նախաձեռնութեամբ՝ Եւրոխորհրդարանի 33 պատգամաւոր նամակով դիմած են ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորելին՝ անդրադառնալով Նոյեմբեր 16-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ներխուժման, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները կը դատապարտեն Ազրպէյճանի յարձակումը՝ պահանջելով ազրպէյճանական զինուած ուժերու անյապաղ եւ ամբողջական հեռացումը ՀՀ տարածքէն եւ կոչ կ՝ընեն ԵՄ Արտաքին Գործողութիւններու ծառայութեան՝ ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ՝ դադրեցնելու եւ կանխելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտումը։
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան կ՝ողջունէ նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ «ի տարբերութիւն ԵՄ արտաքին գործերու ծառայութեան յայտարարութեան՝ նամակը յստակօրէն յարձակողը իր անունով կը կոչէ: Անհրաժեշտ է յստակ գործողութիւններով ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի անյապաղ եւ ամբողջութեամբ լքէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը»։
Նամակին բովանդակութիւնը. «Նոյեմբեր 16-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը յարձակում իրականացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանի երկայնքով։ Որպէս Եւրոխորհդարանի Անդամներ, կը դատապարտենք ազրպէյճանական յարձակումը եւ ներխուժումը ՀՀ ինքնիշխան տարածք, որ կը խախտէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին ստորագրած հրադադարի յայտարարութիւնը եւ լրջօրէն կը վտանգէ տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնը։ Ազրպէյճանական զինուած ուժերը պէտք է անյապաղ եւ ամբողջութեամբ լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը։
Մենք խորապէս կը ցաւինք Նոյեմբեր 16-ի յարձակման հետեւանքով յառաջացած մարդկային կորուստներուն համար։
Ցանկացած գործողութիւն կամ հռետորաբանութիւն, որ կը վտանգէ ՀՀ արեւելեան ու հարաւային շրջաններու բնակչութեան անվտանգութիւնը, խաղաղ բնականոն կեանքն ու մարդու իրաւունքները, պէտք է անմիջապէս դադրեցնել։
Կոչ կ՝ընենք Եւրոմիութեան Արտաքին Գործողութիւններու ծառայութեան օգտագործելու իր բոլոր լծակները՝ դադրեցնելու եւ կանխելու ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան խախտումը, ինչպէս նաեւ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը»։
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ