Կը Մնանք Ամբողջականօրէն Զօրակից Մեր Հերոս Բանակին Ու Հայաստանի Քաջարի Ժողովուրդին. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Կոչը

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի Արեւելեան սահմանը՝ Սիւնիքի շրջանը, Ազրպէյճանի յարձակումով ներթափանցումը, որ հերթական խախտումն է Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան:

Ռուսիա՝ իբրեւ դաշնակից պետութիւն, համաձայնագիրներով հաստատուած յստակ պարտաւորութիւններ ունի՝ յարձակումի մը պարագային պաշտպանելու Հայաստանը, մանաւանդ շրջանին մէջ այժմ իբրեւ խաղաղապահ ներկայացող ուժ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է իրենց անմիջական դերը կատարեն՝ կանխելու այս ոտնձգութիւնները:  Հակառակ զինադադարի յայտարարութիւններուն՝ անցեալի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ այս զինադադարները փխրուն եւ ժամանակաւոր են, ու յարձակողը առաւել յանդուգն կը դարձնեն, առանց հարցը լուծելու:

Խոր մտահոգութեամբ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, եւ յա՛տկապէս վարչապետին՝ դուրս գալու տեղի տալու եւ պարտադրուած կացութիւններու յարմարելու իրավիճակէն, ի գործ դնելով դիւանագիտական եւ զինուորական յանդուգն քայլեր, ետ մղելու համար ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները:

Նաեւ կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, եւ յա՛տկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի մեր համայնքի զաւակներուն, որ զգօն ու պատրաստ ըլլան, ի հարկին ամէն մէկը իր կարողութեան եւ միջոցներու ամբողջական տրամադրումով, անգամ մը եւս պաշտպանելու մեր հայրենի հողն ու ժողովուրդը:

Կը մնանք ամբողջականօրէն զօրակից եւ թիկունք մեր հերոս բանակին ու Հայաստանի քաջարի ժողովուրդին:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ