
Հայրենական Հողին Տէր Կանգնելու Սրբազան Պատասխանատւութիւնը Բոլորիս Պարտականութիւնն է. Յայտարարութիւն
Այսօր՝ Նոյեմբեր 16-ին, ազրպէյճանական բանակը յարձակած է հայկական սահմանի արեւելեան կողմը, խախտելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը։
Ներկայիս սաստիկ մարտեր տեղի կ՝ունենան’ հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ։ Այսօրուան նոր յարձակումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները գրաւելու փորձի շարունակութիւնն է, որ սկսաւ այս տարուան Մայիսին՝ ՀՀ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, տեղի կ՝ունենայ ապատեղեկատւութեան սովորական փորձը Ազրպէյճանի կողմէ։
Հասկանալի է, որ Ազրպէյճանի ախորժակները չեն դադրիր համաձայնագրի ստորագրութեամբ։ Սա ոչ թէ թշնամական գործողութիւններու կտրուկ սրացում է եւ ատելութեան հրահրում Թուրքիոյ եւ Ազրպեյճանի կողմէ հայերու դԷմ, այլ կանխամտածուած գործելակերպ։
Պատերազմը չէ աւարտած տարի մը առաջ։ Ազրպէյճանի կամայական, բարբարոսական եւ օրինազանց գործողութիւնները ընթացքի մէջ են։
Հայաստանի իշխանութիւնները բացատրեն եւ բացայայտեն անկման այս ճանապարհը, բաւարար չէ դատապարտել Ազրպէյճանը’ իսկ հայրենական հողին տէր կանգնելու սրբազան պատասխանատւութիւնը բոլորիս պարտականութիւնն է։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
16.11.2021