
Աշխարհի Արծաթեայ Մետալակիր Յունահայ Արա Ճանիկեան Իր Յաղթանակը Կը Նուիրէ Արցխեան 44-օրեայ Պատերազմի Հերոսներուն
Ժու-Զիցու մարմնամարզի Յունաստանի եւ աշխարհի ախոյեան Արա Ճանիկեան անգամ մը եւս բարձրացաւ համաշխարհային առաջնութեան պատուանդանին վրայ, երկրորդ դիրքը գրաւելով Ապու Տապիի մէջ ընթացող Ժու-Զիցու համաշխարհային մրցաշարքին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
Նշենք, որ Արա Ճանիկեան արդէն նուաճած է երկու ոսկի եւ մէկ պրոնզէ մետալ համաշխարհային եւ եւրոպական մրցաշարքերու ընթացքին։ Մեր հայազգի երիտասարդը անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի մասնաճիւղին եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան։ Ան իր վերջին յաղթանակը նուիրեց բոլոր այն հերոսներուն, որոնք քաջաբար կռուեցան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին։ Դիմատետրի իր գրառումին մէջ, հայ ախոյեանը յիշեց նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները, որոնց հետ բաժնեկից դարձուց իր մեծ յաղթանակը։