Մենք Կը Սկսինք Համազգային Դիմադրութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի Մէջ. Յայտարարութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» դաշինքի՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ նախաձեռնած այսօրուան հանրահաւաքի աւարտին ընդունուած է հայտարարութիւն.

«Հիմք ընդունելով հայ ժողովուրդի միասնական կամքը արտայայտող՝ Հայաստանի անկախութեան եւ ԼՂՀ հռչակման մասին հռչակագրերը, վերահաստատելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքներն ու կենսական շահերը պաշտպանելու յանձնառութիւնը՝

Նկատի ունենալով, որ

· Այս իշխանութիւնը աղետաբեր է Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան համար,

· Պարտութեան խորհրդանիշ ուժը չի կրնար խաղաղութիւն, արժանապատւութիւն, զարգացում ապահովել,

· Իշխանութիւնը պահելու համար իշխող ուժը պատրաստ է դիմելու նորանոր զիջումներու եւ ինքնիշխանութեան կորուստի,

        Հաշուի առնելով

· Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական լրջագոյն մարտահրաւէրները,

· Քաղաքական-տնտեսական սփռում իրականացնելով՝ տարածաշրջանին մէջ հաստատուելու՝ Թուրքիոյ նկրտումները,

· 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքներէն առաւելագոյնը ստանալու՝ թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի  նպատակը, որն է՝ Արցախի հայաթափումն ու Հայաստանի հանդէպ տարածքային հաւակնութիւնները բաւարարելը,

· Արցախեան հակամարտութեան էութեան եւ ձեւաչափի միջազգային ընկալումէն, խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հիմնարար սկզբունքներէն Ազրպէյճանի հրաժարումը,

· ՌԴ խաղաղապահ առաքելութիւնը սահմանափակելու եւ պատերազմ վերսկսելու՝ Ազրպէյճանի փորձերը,
 
Արձանագրելով, որ

· Հայաստանի մէջ հաստատուած է մէկ մարդու իշխանութիւն, պետական հաստատութիւնները կազմալուծուած են,

· Ուժային կառոյցները կը ծառայեցուին իշխանութիւնը պահելու միակ նպատակին,

· Հայաստանը այլեւս իրաւական, ժողովրդավարական, հասարակական պետութիւն չէ,

          Համոզուած ըլլալով, որ

• Հայաստանի եւ հայութեան կողմէ կենսական զիջումներ ենթադրող որեւէ գործընթացի վերջին արդիւնքը հայոց պետականութեան փլուզումն է,

• Հայաստանի՝ իբրեւ ազգային եւ ինքնիշխան պետութեան զարգացման երաշխիքը անոր աշխարհաքաղաքական նշանակութեան եւ սերունդներու իրաւունքներու պահպանումն ու ամրապնդումն է,

• Հայաստանի եւ Արցախի գոյութեան ու անվտանգութեան հիմնահարցերը փոխկապակցուած են,

• Արցախեան հիմնախնդրի արդարացի լուծման, կայուն խաղաղութեան ապահովման երաշխիքը ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ կիրառումն է՝ բացառելով Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի՝ որեւէ կարգավիճակով ամրագրումը,

• Անհրաժեշտ է վերականգնել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը երաշխաւորելու՝ Հայաստանի յանձնառութիւնը,

• Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ներկայացնող ոեւէ անձ, Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով նախատեսուած ընթացակարգերու խախտումով, չի կրնար ստորագրել քաղաքական կամ ռազմական բնոյթի որեւէ փաստաթուղթ։


Հանրահաւաքը կը յայտարարէ.

Արտաքին վտանգները չէզոքացնելու, Արցախի հայաթափումը, Հայաստանի թրքացումը բացառելու, ներքին կեանքի մէջ համերաշխութիւն հաստատելու, հայութիւնը համախմբելու նպատակով մենք կը սկսինք համազգային դիմադրութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։

Նպատակը անփոփոխ է՝ հեռացնել պարտութեան խորհրդանիշ ուժը, վերականգնել Հայասատանի ինքնիշխանութիւնը եւ հայ մարդու արժանապատւութիւնը։

Ասիկա մէկ ուժի, մէկ դաշինքի դիմադրութիւն չէ, իւրաքանչիւր արժանապատիւ հայ մարդու գործն է։

Մինչեւ յաղթանակը՝ այս պայքարը կրնայ մէկ շաբաթ կամ ամիսներ տեւել։ Ասիկա կ՝ենթադրէ իւրաքանչիւրիս հետեւողական, ամէնօրեայ աշխատանք եւ գործողութիւն։

Մենք կը սկսինք կազմակերպուիլ։ Մեր ներկայութիւնը Ազգային ժողովի մէջ պիտի ծառայէ դիմադրութեան հզօրացման։ Պահը հասունցաւ՝ պայքարը պիտի տեղափոխենք միայն փողոցներ ու հրապարակներ։

Պարտութեան խրհրդանիշ վարչախումբը պիտի հեռացուի։ Սիւնիքը պիտի չի զիջուի, Արցախը պիտի չի հայաթափուի, Հայաստանը պիտի չի թրքացուի։

Հայաստանը պիտի ըլլայ ինքնիշխան պետութիւն, հայ մարդը պիտի ապրի արդար, ուժեղ երկրի մէջ։ Հայ մարդը աշխարհի վրայ պիտի քալէ գլուխը բարձր»։