Ներքին Սզնէք Գիւղի Հետքերով. «Ապառաժ»

Uncategorized

Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Ներքին Սզնէք գիւղը Արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ ապաստարան կը ծառայէր շրջակայ  բնակիչներուն համար, իսկ այս պատերազմէն ետք յայտնուած է թշնամիի  ուղիղ նշանառութեան տակ: Ազրպէյճանական դիրքերը տեղակայուած են որոշ բնակելի տներէն միայն 100-200 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Համայնքի ղեկավար Էդուարդ Մուսայելեան ներկայ ահաւոր վիճակը կը բաղդատէ 1990ական թուականներուն հետ, ուր տարբեր էր գիւղին մէջ տիրող մթնոլորտը: Անոր խօսքով` գիւղացիները իրենց երդիքին տակ կ՛ընդունէին Ստեփանակերտի, Շոշի, Քարին Տակի բնակիչներուն: «Անոնք կը մնային մեր տուներուն մէջ, հաց կը կիսէինք: Այն ժամանակ որոշ բնակավայրերու մէջ հացի խնդիր ալ կար: Հիմա թէկուզ այդ առումով խնդիր չկայ, բայց այն ժամանակուայ ոգին, տրամադրուածութիւնը ուրիշ էր։ Այս անսպասելի վիճակը ազդած է բոլորին վրայ: Հիմա զէնքի կռիւ է․․․կռիւ՝ հերոսութեան եւ հայրենասիրութեան»,- կը յայտնէ Մուսայելեան։

Արցախեան առաջին պատերազմի հետեւանքով գիւղէն 12 զոհ, մէկ անհետ կորած կային, իսկ այս պատերազմի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ նահատակուած են հինգ տեղացի զինուորներ եւ վիրաւորուած՝ հինգ։

Երկու կողմէն ալ ազրպէյճանական դիրքերով շրջափակուած Ներքին Սզնէքի բնակիչները զրկուած են գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ լիարժէք զբաղուելու հնարաւորութիւնէն: Թշնամիի վերահսկողութեան տակ յայտնուած է վարելահողերի, արօտավայրերի, խոտհարքերի մի մասը: Համայնքի սեփականութիւն համարուող մէկ մեծ մասը մնացած սահմանագծից այն կողմ: Խիստ կարեւոր է գիւղին համար անտառային զանգուածէն օգտուելը, որ հիմա հնարաւոր չէ:

Պատերազմի օրերուն գիւղը բազմիցս ռմբակոծուած է։ Վնասուած են քսանէն աւելի բնակելի տուներ, որոնք մեծամասնութեամբ վերականգնուած են:

Սակայն թշնամական դիրքերն այնքան մօտ են, որ այնտեղից տուներու ներսն ալ տեսանելի է, գիշերները լուսարձակներ կը միացնեն եւ օդը կը կրակեն: Էդուարդ Մուսայելեանի կարծիքով, այդպէս կատարելով, անոնք կը փորձեն ճնշած պահել ժողովուրդին եւ ստիպեն, որ յուսահատին եւ դուրս գան:  «Եթէ յուսահատող ըլլային, չէին մնար»,- կը յայտնէ Մուսայելեան։

Գիւղի առաջնահերթ խնդիրներէն է ջուրի ներքին ցանցի կառուցումը եւ ճանապարհներու բարեկարգումը: «Բայց այս բոլոր խնդիրները երկրորդական կը համարուի, ամենակարեւորը բնակիչներու անվտանգութեան ապահովումն է: Մեզի համար կռիւը դեռ չէ վերջացած: Որքան կը տեսնեմ, մեզմով հարց չի լուծուիր, խաղաքարտերը մեծ տէրութիւններու ձեռքն են: Մեզմէ կախուածը այն է, որ կարենանք բանակը պահել, եղածը պահել, վերականգնուիլ: Բայց կարգավիճակի հարցը պիտի լուծուի»,- կ՛եզրակացնէ Մուսայելեան: