Ազրպէյճան Խախտած Է Հայ Գերիներու Կեանքի Իրաւունքը. ՄԻԵԴ-ի Վճիռը

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակեց 2014-ին, Ազրպէյճանի մէջ գերի պահուած եւ խոշտանգուած՝ Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով վճիռները: Անիկա հաստատեց, որ Պաքուն խախտած է հայ գերիներու կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներէ, խտրականութենէ զերծ մնալու, ազատութեան, անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը իր վճիռով կը պարտադրէ, որ Ազրպէյճան իւրաքանչիւր գործով վճարէ 40 հազար եուրօ:

Նշենք, որ 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան գերի տարուած էր Յունուար 2014-ին, երկու ամիս ետք՝ 4 Մարտին, ան վերադարձուած էր Հայաստան, սակայն կարճ ժամանակ ետք մահացած էր: Դատաբժշկական փորձաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ Խոջոյեանի մահուան պատճառը եղած է օրկանիզմի ընդհանուր թունաւորում:

Կարէն Պետրոսեան 7 Օգոստոս 2014-ին, մոլորելով՝ հատած էր սահմանը եւ յայտնուած ազրպէյճանական գիւղի մը մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զայն ձերբակալած էր եւ յաջորդ օրը յայտարարած, որ ան մահացաւ սրտի կաթուածէ: