
Ազրպէյճանական Զինուորները, Դրօշները, Տեսախցիկները Պէտք է Հեռացուին Մեր Բնակավայրերուն Մօտէն. Արման Թաթոյեան
Մենք բացառապէս փաստերով հիմնաւորած ենք ազրպէյճանական կողմի յանցաւոր, ահաբեկչական բնոյթի արարքները։ Ցոյց տուած ենք կապը Ազրպէյճանի իշխանութիւններու քաղաքականութեան ու շարունակուող խախտումներուն միջեւ։ Այս մասին, մամուլի ասուլիսի ընթացքին, յայտարարեց ՄԻՊ Արման Թաթոյեան։
Ան կը ներկայացնէ ազրպէյճանական զինուորական ուժերու հետ սահմանի անվտանգութեան ապառազմականացուած գօտիի հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ իբրեւ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնարար երաշխիք Հայաստանի մէջ: Ապացոյցներու վրայ հիմնուած ծաւալուն փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի պետական մարմիններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն:
«Մենք հիմնաւորած ենք, որ անհրաժեշտ է անվտանգութեան գօտի, որ ազրպէյճանական զինուորները, դրօշները, տարբեր սարքաւորումներ, տեսախցիկներ պէտք է հեռացուին մեր գիւղերու անմիջական հարեւանութենէն եւ մեր համայնքները իրարու կապող ճանապարհներէն»,- ըսաւ Արման Թաթոյեան։
Ան ընդգծեց, առանց ատոր չի կրնար ըլլալ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի գիւղերու բնակիչներու բնականոն կեանքի իրաւունքի վերականգնում։
«Ատիկա պէտք է ըլլայ ոչ թէ մեր հաշուին։ Անոնք պէտք է հեռանան։ Ազրպէյճանական զինուորներու բոլոր տեղակայումները անխտիր անօրինական են։ Անոնք յայտնուած են մեր գիւղերու հարեւանութեամբ ու ճանապարհներուն պատերազմի սպառնալիքներու ներքոյ առանց մասնագիտական աշխատանքերու եւ վերլուծութիւններու։ Աւելին, դեմարկացիայի ու դելիմիտացիայի բացակայութեան պայմաններո հիմք չեն ընդունուած միջազգային չափանիշները, մինչդեռ պէտք է ուսումնասիրուէին քատաստրային փաստաթուղթերը, հողայատկացման հարցերը։ Մենք ունինք դէպքեր, երբ Խորհրդային Միութեան տարիներէն մարդոց պատկանող հողերուն վրայ այսօր ֆիզիաքապէս ներկայ են ազրպէյճանցիներ»,- ըսաւ Արման Թաթոյեան։
Ան յիշեցուց միջազգային այն պահանջին մասին, որ սահմաններու դելիմիտացիան, դեմարկացիան չեն կրնար համարուիլ օրինական, եթէ չեն ապահովեր մարդու իրաւունքները, չեն համապատասխաներ ժողովրդավարութեան ու իրաւունքի գերակայութեան կանոններուն, չեն ապահովեր մարդոց բնականոն կեանքը։