Արցախի Մէջ Բացուեցաւ Ազրպէյճանագիտութեան Առաջին Կեդրոնը․ Genesis Armenia

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի մէջ բացուեցաւ ազրպէյճանագիտութեան առաջին կեդրոնը.
ուղեղային կեդրոն/հիմնադրամի ռազմավարական նշանակութեան նոր նախագիծը, այսպիսով, իրականութիւն դարձաւ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Genesis Armenia-ի Facebook-ի էջէն։

Կարօ Կարապետեանի անուան կեդրոնը, որ զինուած է արհեստավարժ ուսումնառութեան համար անհրաժեշտ սարքերով ու գոյքով՝ տեղակայուած է Արցախի պետական համալսարանի շէնքին մէջ։ Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Կարօ Կարապետեանի տիկնոջ՝ Վարդուկ Կարապետեանի եւ զաւակներուն (տէր եւ տիկին Մեղրի եւ Պէտի Աուտիշ, զաւակը՝ Վանի, Աբօ Կարապետեան, Ուռի Կարապետեան) ու Genesis Armenia-ի ջանքերով։

Կեդրոնին մէջ, առաջին փուլով, մէկ տասնեակէ աւելի արցախցի երիտասարդներ անվճար պիտի սորվին ազրպէյճաներէն եւ պիտի ուսումնասիրեն Ազրպէյճանը։ Ծրագիրին նպատակն է պատրաստել կրթուած, իր ազգային-պետական շահերն ու թշնամին լաւ ճանչցող սերունդ։

Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքը հայկական զոյգ պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ անվտանգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակներն են։ Կեդրոնը՝ այս քաղաքականութեան ծիրէն ներս՝ պիտի պատրաստէ ազրպէյճաներէնի մասնագէտներ, որոնք պիտի կարենան իրենց հմտութիւնները գործածել թուրք-ազրպէյճանական տանդեմէն եկող տեղեկատուական, քարոզչական եւ անվտանգային սպառնալիքներու չեզոքացման գործին մէջ: