
Հայկական Դպրոցները Իրանի Կրթութեան Ոլորտի Հպարտութեան Առիթն Են. Իռէն Աբնուսեան
Հայերը Իրանի մշակոյթի եւ ժողովուրդի մաս կը կազմեն, եւ հայկական դպրոցներու առկայութիւնը պատուաւոր փաստաթուղթ է, որ կը վկայէ, թէ Իրանի մէջ տարբեր ցեղախումբեր կրնան դիւրութեամբ պահպանել իրենց մշակոյթն ու աւանդոյթները։ Այս մասին, ըստ «Ալիք»-ի, ԻՌՆԱ-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Թեհրանի հայկական դպրոցներու պատմութեան ցուցահանդէսի տնօրէն Իռէն Աբնուսեանը:
«Մեր կարգախօսն է. մենք իրանցիներ ենք եւ կը հպարտանանք, որ իրանցիներ ենք։ Հայկական դպրոցներու շատ շրջանաւարտներ կրցած են զգալի ծառայութիւններ մատուցանել իրանական հասարակութեան։ Այդ պատճառով այս ցուցահանդէսի իրականացումը մեզի համար կը ներկայացնէ մշակութային արժէք»,- ըսած է ան։
«Հայկական դպրոցներու կրթական համակարգը ճիշդ նոյնն է, ինչպէս Իրանի կրթական համակարգը, եւ այդ դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուին միայն երկու մասնագիտացած լեզուական դասընթացներ եւ կրօնական կրթութիւն»,- աւելցուցած է Աբնուսեան:
Նշենք, որ Թեհրանի հայկական դպրոցներու պատմութեան ցուցահանդէսին ներկայացուած են շուրջ 400 գիրքեր՝ հրատարակուած տարբեր տասնամեակներու ընթացքին, դպրոցական համազգեստներ, վկայականներ, վարչական եւ կրթական գործիքներ, ինչպէս տպագրական մեքենաներ եւ դպրոցական նամականիշեր, դասատախտակներ եւ այլն: