
«Կանգնէ՛ Արցախի Կողքին» Նշանաբանով Հեռուստատեսային Դրամահաւաք Արցախի Մէջ
Արցախի մէջ առաջին անգամ տեղի կ’ունենայ հեսատեսիլային դրամահաւաք, որուն ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը կ’ուղղուի Արցախի զարգացման ու շէնացման: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
«Կանգնէ՛ Արցախի Կողքին». այս կարգախօսով Արցախ իր շուրջը համախմբուելու կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան: Դրամահաւաքը կազմակերպուած է Արցախի «Բարձր Ճարտարագիտական եւ Ռազմավարական Ծրագրաւորման Կեդրոն» հիմնադրամին կողմէն: