«Բացայայտենք Ջաւախքը» Խորագիրով Լուսանկարչական Ցուցահանդէս Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ եւ վրացի 20 լուսանկարիչ երեք օր շարունակ շրջած են Ջաւախքի տարբեր շրջաններ, գիւղեր եւ քաղաքներ, ծանօթացած անոնց կեանքին ու բարքերուն՝ լուսանկարելով այն ամէնը, որ զարմացուցած, հիացուցած ու տպաւորած է զիրենք: Աշխատանքները, ըստ «Երկիր»-ի, ներկայացուած են այսօր, Նոյեմբեր 1-ին, ՀԲԸՄ-ի դահլիճին մէջ, «Բացայայտենք Ջաւախքը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին:

15 լուսանկարիչներու 100 աշխատանքով ներկայացուած է Ջաւախքը՝ իր բնապատկերներով ու շունչով: Նախաձեռնութիւնը իրականացած է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամին, ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան, Հայ լուսանկարիչներու ազգային ընկերակցութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համագործակցութեամբ:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով

Լիանա Սարգսեան