
Հանդուրժողութեան Ամրապնդումը Միջկրօնական Երկխօսութեան Առաջնահերթութիւնը Պէտք Է Դառնայ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յիշեալ նիւթին շուրջ զարգացուց իր յօդուածը, Արժանթինի պետութեան նախաձեռնութեամբ, Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ուղղութեամբ առնուած քայլերուն նուիրուած հատորին մէջ:
Արդարեւ, վերջին տարիներուն Ֆրանչիսկոս պապը Եգիպտոս, Իրաք եւ Տուպայ կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին, իր յայտարարութիւններով եւ կատարուած միացեալ հաղորդագրութիւններով շեշտեց ընդհանրապէս միջկրօնական ու յատկապէս Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ կրնայ իր կարեւոր նպաստը բերել կրօններու, ընկերութիւններու եւ ազգերու ներդաշնակ գոյակցութեան:
Յիշեալ հրատարակութիւնը կ՛ընդգծէ սրբազան պապին նախաձեռնութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը ներկայ ժամանակներուն:
Գիրքին մէջ յօդուածներ ունին միջազգային-քաղաքական ու կրօնական դէմքեր: Քրիստոնէութեան պարագային յօդուածներ ստորագրած են Բարթողիմէոս Տիեզերական պատրիարքը, Քենթրպըրիի Ճասթըն Ուելպի արքեպիսկոպոսը եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: