
Մարտունիի Մէջ «Թիւֆէնքեան»ի Հերթական Բարեգործական Ծրագիրը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
«Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը՝ իր առաքելութեան հաւատարիմ՝ կը շարունակէ մնալ Արցախի ու արցախահայութեան կողքին:
Հոկտեմբեր 19-ին, հերթական հիմական վերանորոգուած առանձնատունը շահագործման յանձնուած է Մարտունի քաղաքին մէջ:
Հայրիեաններու ընտանիքը բնակարանը ստացած է 2006-ին` բազմազաւակ ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու պետական աջակցութեան ծրագիրով: 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով վնասուած է տունը, ծանր վիրաւորուած է 27-ամեայ որդին` Հայկ Հայրիեանը: Հիմնադրամի հովանաւորութեամբ հիմնովին վերանորոգուած է 3 սենեականոց առանձնատունը:
Նոյն օրը, յետ-պատերազմեան ժամանակահատուածին Մարտունիի շրջանին մէջ 8, իսկ Խերխանի մէջ` առաջին տունը շահագործման յանձնեցին` Սէյրանեաններու ընտանիքին: