
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրականացուցած Հասարակ Ոճրագործներուն Մասին Առցանց Բանախօսութիւն
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած գլխաւոր դերակատարներուն եւ Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած դիւանակալներուն դերակատարութեան մասին Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին տեղի ունեցած բանախօսութիւններէն ետք, շարքին երրորդը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած հասարակ ոճրագործներու դերին՝ տեղի պիտի ունենայ 12 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ։
Շարքին բանախօսն է՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի այցելու դասախօս դոկտ. Սուրէն Մանուկեան։
Առցանց քննարկումը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կողմէ։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։