Արցախն Ուրացողը Դաւաճան է. Գեղամ Մանուկեանի Խօսքը Ջղագրգռութիւն Պատճառեց ԱԺ Փոխխօսնակին (տեսանիւթ)

Հայաստան

Այսօր, Հոկտեմբեր 26-ին, անվտանգության աշխատակիցները ՀՀ ԱԺ ամպիոնէն հեռացուցին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը։ Խորհրդարանի ամպիոնէն Գեղամ Մանուկեանը կրկին յայտարարեց, որ Արցախը ուրացողը դաւաճան է։ Գեղամ Մանուկեանի ելոյթը ջղագրգռութիւն պատճառեց ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին, որ անմիջապէս հրահանգեց անջատել պատգամաւորին խօսափողը, ապա ներս հրաւիրեց անվտանգութեան աշխատակիցները զայն ամպիոնէն հեռացնելու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն։

Պատգամաւորը իր ելոյթին մէջ կ՝ըսէր հետեւեալը․ «Սրիկայութիւնը շատ օրինակներով կարելի է ըսել, բայց Արցախ ուրացողը դաւաճան է, ատիկա դաւաճանութիւն է։

Անվտանգութեան աշխատակիցները ուժով հեռացուցին Գեղամ Մանուկեանը ամպիոնին մօտէն, որմէ ետք 20 վայրկեան դադար յայտարարուեցաւ:

m