
Ազրպէյճան Չ՛արտօներ Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներուն ՄԷջ Որոնողական Աշխատանքներ Կատարել
Արդէն շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Արցախի փրկարարները Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ որոնողական աշխատանքներ չեն կատարեր, որովհետեւ Ազրպէյճան հարցեր կ՝առաջացնէ։ Այս մասին «Երկիր Մեդիա»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան մամլոյ խօսնակ Յունան Թադեւոսեան:
«Որոնողական աշխատանքները մէկ շաբաթ դադրեցուած էին, բայց մենք ամէն օր պատրաստ էինք, որ երթանք, սակայն իրենց կողմը չէր արտօներ: Ազրպէյճանական կողմը իր վարքագիծը որեւէ կերպով չէ պարզաբանած, չէ նշած, թէ ինչո՞ւ չեն արտօներ շարունակել աշխատանքները»,- յայտնեց ան:
Թադեւոսեան նշեց, թէ չի բացառուիր, որ ասիկա կապ ունի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ վերջերս կատարուող պաշտօնական այցելութիւններուն եւ շինարարութիւններուն հետ:
«Եղանակային պայմանները կ՝արտօնեն շարունակել որոնողական աշխատանքները: Համաձայնութիւն կայ վաղը երթալու համար, երեւի հարաւային ուղղութեամբ, տարածքը դեռ չէ որոշուած»,- նշեց ան: