
ՀՀ ԱԺ Նախագահին Այս Անընդունելի Արարքը Կ’արժեզրկէ Հայաստանի Խորհրդարանը. Յայտարարութիւն
Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, Կիպրոս ժամանեց ՀՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի։
Վերջերս իմացանք, թէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Կիպրոս, որպէս հիւրը Կիպրոսի խորհդարանի նախագահ Անիթա Տիմիդրիուին։ Այս այցելութիւնը ցասում կը պատճառէ, քանի պատուիրակութեան մէջ չեն ընդգրկուած ՀՀ խորհրդարանի ընդիմութիւնը ներկայացնող պատգամաւորներ, որ ըստ ընդունուած օրէնքին, կը հակասէ Եւրոխորհուրդի կանոնադրութեան, որ կը պարտադրէ, որ նման պատուիրակութիւններ ներկայացնեն ամբողջ խորհրդարանի հատուածները։
ՀՀ խորհրդարանի նախագահին այս անընդունելի արարքը, կը խափանէ միջազգային օրինականութիւնը, կը պախարակէ եւ կ’արժեզրկէ Հայաստանի խորհրդարանը, կը տկարացնէ Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նուազդացնէ մեր երկրի դիմագիծը արտաքին ճակատի վրայ։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր խոր մտահոգութիւնը կ’արձանագրէ, որ այսպիսի քայլերով կը վտանգուին իրավական պետութեան մը հիմքերը, որը ժողովրդավար պետութեան մը կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկն է։ Պատերազմը իր աղէտալի հետեւանքներով չարտօներ նման քաղաքական անլուրջ վերաբերում։
ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
24 Հոկտեմբեր, 2021