Սամուէլ Սեւեան Միացեալ Նահանգներու Ճատրակի Ախոյեանութեան 3-րդ Հանդիսացաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու ճատրակի 2021 տարուան ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սէյնթ Լուիս քաղաքին մէջ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Երկրին 12 գերվարպետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ Ուեսլի Սօ, «թայ-պրէյք»ով պարտութեան մատնելով ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեանը եւ Ֆապիանօ Քարուանան:

Փոխախոյեան հանդիսացաւ Քարուանա, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց պրոնզէ մետալակիր դարձած Սեւեանի դէմ:

Նշենք, որ մրցաշարքի աւարտին, երեքն ալ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահոված էին 6.5ական կէտ, որուն պատճառով մրցաշարքը մէկ օրով երկարաձգուեցաւ։

Սօ 50,000 տոլարի մրցանակի արժանացաւ, իսկ Քարուան եւ Սեւեան՝ 30,000-ական տոլար ստացան։

Կանանց ախոյեանութեան ընթացքին, ամերիկահայ Տաթեւ Աբրահամեան առաւելագոյն 11 կէտէն 6 կէտ ապահովելով՝ բաժնեց 4-6-րդ դիրքերը: