Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Համագումարին

Աշխարհ, Սփիւռք

Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 12-14 Հոկտեմբեր 2021-ին: Ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան:

Հայր սուրբը համագումարին ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ միջեկեղեցական աշխատանքներու տեղեկագիրը` անդրադառնալով  ձեռնարկներուն, մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն: Աւարտին, ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան ու Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ պատասխանեց այս գծով ուղղուած ժողովականներուն հարցումներուն:

Համագումարի օրակարգը կ՛ընդգրկէր նաեւ յառաջիկայ շրջանի ատենապետի ընտրութիւն եւ 2022-ին Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք ժողովին մանրամասնութիւններուն վերջնականացում: