ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի Յանձնախումբը Իր Անդրանիկ Նիստը Գումարած է

Հայաստան, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 22-ին, Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի յանձնախումբին անդրանիկ նիստը: Նիստին մասնակցած են Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Գէորգի Պետրոսեան, Սերգէյ Շահվերդեան, Մելանիա Բալայեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Արա Պուլուզեան:

Շարք մը կազմակերպական հարցերու քննարկումէն ետք՝ յանձնախումբը յառաջիկայ վեցամսեայ գործունէութեան ծրագրին անդրադառնալով՝ ճշտած է կազմակերպական, քաղաքական-յարաբերական եւ քարոզչական շարք մը առանցքներ, որոնց շուրջ յառաջիկայ ամիսներուն իր գործունէութիւնը պիտի ծաւալէ Արցախի գրասենեակը:

Նիստին ընթացքին խօսուած է նաև Արցախի շուրջ ծաւալուող քաղաքական գործընթացներուն մասին, եւ անոնց առնչութեամբ առաջարկներ տրուած են ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրնական գրասենեակին:

ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակ