«Հայ Դիւցազնավէպի Քոչարեան Պատկերապատումը» Ցուցահանդէսը՝ Երուանդ Քոչարի Թանգարանէն Ներս

Հայաստան

Կարեւոր համարելով արուեստի զօրութիւնը եւ դերակատարութիւնը ազգապահպանման գործին մէջ, եւ գիտակցելով, որ ազգապահպանումը կրնայ իրականանալ միայն ազգային ինքնութեան արժէքներու միջսերնդական փոխանցման միջոցով, Երուանդ Քոչարի թանգարանը նախաձեռնած է «Հայ դիւցազնավէպի քոչարեան պատկերապատումը» ցուցահանդէսը: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, յայտնած են թանգարանէն:

1939-ին, երբ կը նշուէր մեր էպոսի պայմանական 1000-ամեայ յոբելեանը, Քոչար կը ստեղծէ «Սասունցի Դաւիթ» էպոսի նկարազարդումներուն շարքը: Նկարազարդումներուն բնօրինակները տրամադրած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահը, որուն շնորհիւ ալ հնարաւոր դարձաւ այս ցուցադրութեան կազմակերպումը:

«Երուանդ Քոչարի թանգարանը անցած է ցուցադրութիւններու կազմակերպման հայեցակարգային նորատիպ, յղացման ձեւ (conceptual format), որ այսօր կը տարածուի ողջ աշխարհի մէջ: Այս ցուցադրութիւնը ոչ միայն պիտի ներկայացնէ քոչարեան նկարազարդումները, այլեւ նորարարական լուծումներու, ինքնատիպ գաղափարներու կիրառումով թանգարանին մէջ փորձած ենք ստանալ էպոսեան առասպելական միջավայրը, եւ փոխանցել այն հիմնական ազդակները, որոնցմէ ներշնչուելով Քոչարը ստեղծած է իր կրաֆիքական էջերը…»,- յայտնած են Երուանդ Քոչարի թանգարանէն։

Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Հոկտեմբեր 22-ին։ Ցուցահանդէսի համակարգողն է Աշոտ Մարաբեանը, տեսաերիզի դասաւորումը՝ Արման Վարդանեանի: