«Հացի Փառատօն»՝ Ախալցխայի Մէջ

Սփիւռք

Ախալցխայի մէջ պիտի իրականացուի «հացի փառատօն» `աւանդական եւ տեղական արտադրանքի, ներառեալ` տեղական հացի եւ ցորենի խթանման համար, տարածաշրջանի գիւղատնտեսական-զբօսաշրջութեան ներուժի եւ համայնքային նախաձեռնութեան զարգացման նպատակով: Փառատօնը պիտի իրականացուի Հոկտեմբեր 23-ին, Ախալցխայի բերդի տարածքին մէջ, ուր պիտի ներկայացուին տեղական աւանդական արտադրանքները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Akhaltskha.net-էն։

Փառատօնին նաեւ պիտի ներկայացուին ցորենի տարբեր տեսակներ, հացեր, Չեչիլի եւ Տենիլի պանիր, տարբեր ուտեստներ, Բիշի, Գաթա, Չիրիխտա, Բաքմազ, Թկլափի։ Պիտի ցուցադրուին չիրեր, մեղր, գինի, գարեջուր եւ այլն: Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի ձեռքի աշխատանքներու ցուցադրութիւն, վաճառք։ Պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասեր, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ համերգային ծրագիր՝ տեղի ժողովրդային անսամպլներու եւ հրաւիրուած այլ խումբերու մասնակցութեամբ: